2010-12-15 13:20:32

՜՜Յիսուս Քրիստոս` Ծնունդի Դիմագիծ՝՝ Վերնագրով Հատորին Ներկայացումը։


Երեքշաբթի 15 դեկտեմբեր 2010-ի առաւօտուն երջանկայիշատակ Պօղոս Զ.ի անուան միջազգային գրադարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ ներկայացումը՝
՜՜Յիսուս Քրիստոս Ծնունդի Դիմագիծը՝՝ հատորին, Վատիկանի հրատարակչատունէն ։ Ներկայացումը կը կատարեն Գերապայծառ Բիէրօ Մարինին եւ Տիկ Նէրիա Տի Ճիովաննին։Ծնունդը անկասկած այժմէական մշակութային ամենէն ժողովրդական տօնն է, թէեւ՝ տարիներու ընթացքին անոր կրօնական բնոյթը աշխարականացումի ենթարկուած է։ Հատորին հեղինակը` Եպիսկոպոսական ժողովի սենեկապետ Հ. ֆապիօ ֆապենէն, գիրքին մէջ կը խօսի Յիսուս Քրիստոսի մասին, մեկնաբանելով՝ Յիսնակաց Շրջանի Աղօթքները, մօտեցնելով ընթերցողը ըմբռնելու Ս. Ծննդեան խորհուրդը եւ հասկնալու ու գնահատելու ՜՜Աստուծոյ պարգեւած՝ սիրոյ անհուն շնորհքը մարդկութեան՝՝ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.